2015-01-13 12:16:55

Ֆրանչիսկոս Պապ` ''Հնդկական Ովկիանոսի մարգարիտ` Սրի Լանքայի սիրեցեալ երկրին, խաղաղութեան, բարգաւաճումի եւ ներդաշնակութեան Աստուածային օրհնութիւններ''։


(Ռատիօ Վատիկան) Երեքշաբթի, 13 յունուարին առաւօտեան, Քոլոմպոյի միջազգային օդակայանի մէջ. յաւարտ Ֆրանչիսկոս Պապի պաշտօնական ընդունելութեան, եւ երկու Պետութիւններու պատուիրակութիւններու միջեւ տեղի ունեցած հանդիպումին, Ֆրանչիսկոս Պապը դահլիճին մէջ գտնուող հիւրերու ոսկէ մատեանի մէջ արձանագրեց հետեւեալ գրութիւնն ու զետեղեց իր ստորագրութիւնը։
''Հնդկական Ովկիանոսի մարգարիտ, սիրելի Սրի Լանքայի ժողովուրդին վրայ կը հայցեմ Աստուածային առատ օրհնութիւններ՝ խաղաղութեան, բարգաւաճումի եւ ներդաշնակութեան։







All the contents on this site are copyrighted ©.